2009-07-25 13:07:35

Լուրեր հայ աշխարհէն` Ամերիկեան ժապաւէն մը Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մասին


Լուրեր հայ աշխարհէն` Ամերիկեան ժապաւէն մը Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մասին

Յուլիսի վերջաւորութեան, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ պիտի սկսին Հիր ժապաւէնին նկարահանման աշխատանքները, որոնք պիտի աւարտին սեպտեմբերին։ Ժապաւէնին բեմադրիչը եւ հեղինակը Բրադեն Քինգն է։

Նշենք, որ ասիկա առաջին ամերիկեան երկարատեւ ժապաւէնն է, որ ամբողջութեամբ պիտի նկարահանուի Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ։

Հիրը տրամաթիք, բնութեան տեսարաններով լեցուն, նիւթը ճանապարհի վրայ զարգացող ժապաւէն մըն է, որ նաեւ սիրային փոխյարաբերութեան դէպքերու ծաւալումն է՝ ամերիկացի արբանեակային քարտէսագրող երկրաչափի մը եւ գեղարուեստական լուսանկարիչ տարագիր հայուհիի միջեւ։ Անոնք պահուան մղումով կ'որոշեն միասին ճամբորդել չքարտէսագրուած տարածքով։

Յայտնենք, որ ժապաւէնին արտադրութեան որոշած է աջակցիլ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը, իսկ անոր հրապարակումը նախատեսուած է, որ տեղի ունենայ 2010-ի ամրան։



Ագուլիսի 17-րդ դարու Աւետարանը նուիրած է Մատենադարանի



Վերջերս իրանահայ յայտնի բարերար Ժենիա Այդինեան Մաշտոցի անուան մատենադարանին նուիրած է Ագուլիսի Ս Աստուածածին եկեղեցւոյ 1622-ին գրուած Աւետարանը։

Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան երախտագիտութեամբ լի խօսքեր յղած է բարերարին եւ յայտնած է, որ մեծ նուիրատուին անունը այսուհետեւ ի՛ր արժանի տեղը պիտի գտնէ Մատենադարանի նուիրատուներու շարքին։

Յայտնենք, որ Ժենիա Այդինեան կը բնակի Միացեալ Նահանգներ եւ իր ամբողջ կեանքը ապրած է ծնողազուրկ փոքրիկներու, հաշմանդամ ազատամարտիկներու, անօգնական ծերերու, նիւթապէս անապահով ուսանողներու հոգերով։ 1922-ին հիմնած է Հայաստանի մանկատուներու հիմնադրամը, իրականացուցած է Մէկ ընտանիք, մէկ հայրենիք ծրագիրը, վերանորոգած է դպրոցներ, ծերանոցներ։ Ան Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ համագործակցաբար իրականացուցած է բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնք ցարդ կը շարունակուին։



Աշխարհի ամենէն երկար ճոպանուղին պիտի երկարի Հալիձորէն Տաթեւ



Յառաջիկայ տարուան սեպտեմբերին, Հալիձորէն մինչեւ Տաթեւ պիտի երկարի աշխարհի ամէնէն երկար՝ 57 քիլոմեթրնոց ճոպանուղին, որ պիտի կառուցուի զուիցերիական Գարավենտա ընկերութեան ջանքերով։ Վերջերս Երեւանի մէջ, համապատասխան պայմանագիրը ստորագրած են ճոպանուղիի կառուցման ղեկավարը, Հայաստանի Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի (ՀԱՄՀ) խորհուրդի անդամ Արտաշէս Կազախեցեանը եւ Գարավենտա ընկերութեան վաճառքներու փոխնախագահ Փիթըր Պաումանը։

Յայտնենք, որ ճոպանուղիի կառուցումը մաս կը կազմէ Հայաստանի Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի՝ Տաթեւի վերածնունդ եւ վերակառուցում եռամեայ ծրագիրին, որ սկիզբ առած է 2009-ի փետրուարին եւ ունի չորս մաս։ Անոնցմէ առաջինը ճոպանուղիի կառուցումն է, որ պիտի տեւէ մէկ տարի, իսկ անոր կառուցումը պիտի արժէ 68 միլիոն եւրօ։ Տարեկան 100-150 նման կառոյցներ իրականացնող Գարավենտա ընկերութեան ներկայացուցիչը վստահեցուցած է, որ իրենց հեղինակած բոլոր կառոյցները անվտանգութեան բարձր մակարդակով կիրականացուին եւ ունին անհրաժեշտ ապահովութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.